2014-01-30 10:11:43

Կարտինալ Սքոլայի այցելութիւնը Իսթանպուլ եւ հանդիպում` Կ.Պոլսոյ Բարթողոմէոս
Ա. Տիեզերական Պատրիարքին հետ։


Ուրաբթ, 31 յունուարին, Միլանօ թեմի առաջնորդ` Կարտինալ Անճելօ Սքոլա, ընկերակցութեամբ Ամպրոզիան թեմի մէկ պատուիրակութեան, ուխտագնացութեամբ կը մեկնի Իսթանպուլ։
Կարտինալ Սքոլայի Թուրքիա այցելութեան նպատակն է, փոխարինել՝ Բարթողոմէոս Ա. Պատրիարքի կատարած այցելութիւնը Միլանօ՝ անցեալ 16 Մայիս 2013-ին, Կոստանդինեան տարուայ տօնակատարութեան առթիւ, որուն ընթացքին Կարտինալ Սքոլա փափաք յատնած էր այցելելու Թուրքիան, խորացնելու նպատակով երկու եկեղեցիներու միջեւ ՝միութիւնը։
Կարտինալ Սքոլա Իսթանպուլ կեցութեան ընթացքին, զանազան առիթներ պիտի ունենայ, հանդիպելու Բարթողոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին հետ։
Ուրբաթ 31 յունուարին, Կարտինալ Սքօլա եւ Բարթողոմէոս Ա. Պատրիարքը կը մասնակցին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին, ''Սուրբ Պօղոսի մասին վարդապետութիւն'' թրքերէն լեզուով թարգմանուած՝ հատորի ներկայացման։ Մինչ շաբաթ, 1 փետրուարին, Միլանոյի Արքեպիսկոպոսը կ՛այցելէ Քալքի կոչուող կղզին՝ Օրթոտոքս Աստուածաբանկան Համալսարանի Կեդրոնը ուր՝ Կիրակի 2 փետրուարին, Բարթողոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին հետ միասին կը մասնակցի Տեառընդառաջի տօնի ծիսակատարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.